Քրիստոնեական եղբայրություն և հավատքի միություն․ Հռոմի Պապը նամակ է ուղղել Արամ Ա Վեհափառին
Հռոմի Պապ Լևոն 14-րդը նամակ է ուղղել Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին․
«Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած անձնական նամակով, Նորին Սրբութիւն Լևոն ԺԴ. Պապը առաջին հերթին իր շնորհակալութիւնը յայտնած է, որ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ երկու սրբազան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուած է իր գահակալութեան առիթով տեղի ունեցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, և այս առիթով սրբազան հայրերը իրենց ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնած էին իրեն: Երևոյթ մը, որ շօշափելի արտայայտութիւն մըն է քրիստոնէական եղբայրութեան ու հաւատքի միութեան, իր նամակին մէջ շեշտած է Պապը:
Նոյն նամակին մէջ Պապը իր յանձնառութիւնը յայտնած է՝ Վեհափառ Հայրապետին հետ գործակցելու, ինչպէս բոլոր հոգևոր պետերուն, եկեղեցւոյ միութեան ամրապնդման և ազգերու միջև գործակցութեան ու համակեցութեան ամրացման համար՝ բաժանումներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ»:
Alpha News